ԱՆԹԻԼԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար ու խորհրդալից արարողութիւնը։ Արարողութեան աւարտին, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան իր քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Դռնբացէքի խորհուրդը՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստի եւ վերջին դատաստանի։ Ան հաւատացեալներուն ուշադրութեան հրաւիրեց, թէ հոգիի փրկութիւն գտնելու եւ արդարութեան ճամբէն քալելով երկնաւոր Հօր հասնելու…