4 June, 2021

ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

Ուրբաթ, 4 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի շրջանաւարտ հինգ ուսանողներու յանձնեց Կեդրոնի յատուկ վկայականը: Շրջանաւարտները անցնող երեք տարիներուն հետեւողական կերպով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին դասընթացքներուն եւ լիովին կատարած իրենց տրուած կրթական պարտաւորութիւնները:

 

Վկայականաց բաշխումէն առաջ Կեդրոնի քարտուղար Մարլէն Էվինկիւլեան ընթերցեց Կեդրոնի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեանի խօսքը: Յայտնենք, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով ծանրօրէն վնասուած էին Ժիրայր Դանիէլեանի աչքերը եւ այժմ Միացեալ Նահանգներու մէջ բուժման կ՚ենթարկուի: Խօսք առաւ նաեւ պարոն Դանիէլեանի բացակայութեան Կեդրոնի աշխատանքները ղեկավարած Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան:

 

Վեհափառ Հայրապետը նախ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց թէ՛ Ժիրայր Դանիէլեանին եւ թէ Խաչիկ Տէտէեանին իրենց կարեւոր ներդրումին Հայագիտական Կեդրոնի աշխատանքներուն կազմակերպման, միաժամանակ ան շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց պարոն Դանիէլեանին: Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցելով շրջանաւարտ աշակերտներուն շեշտեց հայագիտական ուսմանց կարեւորութիւնը՝ յայտնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող բնագաւառներէն մէկը կը մնայ հայագիտութիւնը:

 

Յայտնենք, որ այս տարուան հունձքին մաս կը կազմեն Արփի Արմէն Քասսիս, Լոռի Գերպապեան, Կարինէ Շատոյեան, Վանտա Վարդան Ունճեան եւ Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան։

More News