29 January, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 29 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Յունաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Էքաթէրինի Ֆունթուլաքին այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքին։

 

Նորին Սրբութիւնը հարկ եղած բացատրութիւնները տուաւ դեսպանին՝ ներկայացնելով Լիբանանի հայ համայնքի կառոյցները ու անոր քաղաքական դերակատարութիւնը։ Այս առիթով Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Սփիւռքի հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

 

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Արցախի պատերազմին, շրջանէն ներս Թուրքիոյ դերակատարութեան, հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հայութեան առնչուած հարցեր։

More News