Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2021-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան առցանց ժողովը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարչութեան անդամներ՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանն ու Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։
Ժողովը առաջին հերթին վաւերացուց Սեպտեմբեր 2020-ին Պըքերքէի մէջ գումարուած նախորդ հանդիպումին ատենագրութիւնը, որմէ ետք Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Միշել Ապս ներկայացուց իր զեկոյցը, ուր ան պարզեց Գործադիր Վարչութեան իրագործումները եւ ապագայի ծրագիրները։ Ժողովը կատարեց նաեւ պիւտճէական քննարկում եւ առաջարկեց յաճախակի առիթներով ժողովներ գումարել մօտէն հետեւելու շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան։