8 June, 2021

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Նորընտիր վարչութիւնը Նորին Սրբութեան պարզեց իր յառաջիկայ գործունէութեան ընդհանուր պատկերը:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց վարչութեան, որ հակառակ համաճարակին ստեղծած աննպաստ պայմաններուն, միութիւնը անցնող ամիսներուն շարունակած էր իր գործունէութիւնը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Կաթողիկոսարանին հովանաւորութիւնը վայելող համալսարանական երիտասարդներու այս միութիւնը կը շարունակէ օգտակար դառնալ նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներուն՝ անձնական միջոցներով իրենց ապահոված փոքր գումարներու միջոցաւ։ Հայրապետը թելադրեց շարունակել մարդասիրական աշխատանքները եւ, իր կարգին, 20 կարիքաւոր ընտանիքներու համար գումար մը փոխանցեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան:

 

 

 

More News