ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ ԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 19 Յունիս 2021-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի խարտաւիլակութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Դպրեվանքի աւարտական դասարանի հինգ ընծայեալ սարկաւագներու՝ Ժան Սէլլումեանի, Կարապետ Էօրտէքեանի, Գէորգ Թէնէքէճեանի,…