Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲ ԵՒ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 21 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայ եւ արաբ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միացեալ Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին՝ Դոկտ. Հապիպ Պատըր, Դատաւոր Ֆաուզի Տաղեր եւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան:

 

 

 

Պատուիրակութեան նպատակն էր մօտէն իմանալ Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպման մասին՝ նկատի ունենալով, որ Վեհափառ Հայրապետն է յիշեալ հանդիպման նախաձեռնողն ու գլխաւոր դասախօսներէն մէկը:

 

 

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի ժողովուրդը յուզող մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մէջ արծարծուելիք հարցերը: