17 June, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Չորեքշաբթի, 16 Յունիս 2021-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի։

 

 

Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Սփիւռքի եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր։