Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարին Գործադիր Մարմինը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) առցանց ժողով մը գումարեց 29 Յունուար 2021-ին։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ Համագումարին անդամ եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը։
Ժողովին օրակարգը կ՚ընդգրկէր «Բնութիւն եւ Ինքնութիւն» աշխատութեան զարգացումն ու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ ծրագրումը Հոկտեմբեր 2021-ին տեղի ունենալիք Համագումարին տարեկան հաւաքին, որ շատ հաւանաբար առցանց տեղի ունենայ։