Օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ազգային Ծերանոցը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած հաստատութեան տնօրէն Վերապատուելի Սեպուհ Թէրզեանէ եւ խնամակալութեան անդամ Տիգի Թորիկեանէ ու Թամար Տէր Պետրոսեանէ:
Ազգ. Ծերանոցի պատասխանատուները զեկոյց տուին Վեհափառ Հայրապետին ծերանոցի աշխատանքներուն ու յատկապէս անոր դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն մասին: Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ազգ. Ծերանոցին կատարած մարդասիրական ու ազգային ծառայութեան համար: Ան շեշտեց հոն կատարուող աշխատանքին կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդին համար եւ կոչ ուղղեց նիւթապէս օգտակար հանդիսանալու ծերանոցի գործունէութեան՝ յատկապէս այս օրերուն, երբ ամբողջ Լիբանանը տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ: