ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ
Օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ազգային Ծերանոցը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած հաստատութեան տնօրէն Վերապատուելի Սեպուհ Թէրզեանէ եւ խնամակալութեան անդամ Տիգի Թորիկեանէ ու Թամար Տէր Պետրոսեանէ: Ազգ. Ծերանոցի պատասխանատուները զեկոյց տուին Վեհափառ Հայրապետին ծերանոցի աշխատանքներուն ու յատկապէս անոր դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն մասին: Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ազգ. Ծերանոցին կատարած մարդասիրական…