Աւագ Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2021-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններուն առաջինը՝ «Տասը Կուսանաց» յիշատակի ժամերգութիւնը։ «Տասը Կուսանաց» առակը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը եւ կը թելադրէ բոլոր քրիստոնեաներուն, որ Տէրը դիմաւորելու միշտ պատրաստ ըլլան:
Այս առիթով, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանէն տասը աղջիկներ, որոնցմէ հինգին վիճակուած էր «իմաստուն» եւ միւս հինգին «յիմար» գրութիւնը, Աւետարանական ընթերցումէն ետք իմաստուններուն մոմերը վառ պահելու, իսկ յիմարներուն մոմերը մարելու աւանդութիւնը գործադրեցին։
Արարողութեան աւարտին, փոքրիկները բարձրացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մօտ, ուր ան հայրական սիրով ընդունեց զանոնք եւ յուշանուէրներ ու Աստուածաշունչ տալով իր օրհնութիւնը փոխանցեց։ Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայի տեսչութեան, ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ աշակերտներու ծնողներուն, որոնք նախանձախնդիր քրոստոնէական հաւատքին՝ Կիրակնօրեայ վարժարան կ՚ուղարկեն իրենց զաւակները, որպէսզի քրիստոնէական կրթութիւն ստանան եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով ուռճանան ու լիցքաւորուին։