24 Ապրիլի, 2021

ԱՊՐԻԼ 24-Ը ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԿԸ ՄԵՐԺԵՆՔ ՈՐԵՒէ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ, ՆՈՅՆԻՍԿ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆ, ՈՐԵՒԷ ԿՈՂՄԷ, ՈՐ ԿՐՆԱՅ ՎՏԱՆԳԵԼ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

 

Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ սրբոց նահատակաց Բարեխօսական Կարգը, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, որուն անմիջապէս յաջորդեց Նորին Սրբութեան Հայրապետական պատգամը։

 

Վեհափառ Հայրապետը առիթը բնութագրեց՝ ըսելով.- «Ապրիլ 24-ը սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ անոնց սրբազան կտակով մեր հաւատքը խորացնելու, մեր կամքը պրկելու եւ մեր յանձնառութիւնը ամրապնդելու օր՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրացման»։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը բնորոշեց գլխաւոր չորս յատկանիշներով։ Ան ըսաւ, թէ «ա) Մեր պահանջատիրութիւնը արդար է, որովհետեւ ան հիմնուած է պատմական փաստացի իրողութիւններու վրայ։ բ) Մեր պահանջատիրութիւնը իրաւական է, որովհետեւ ան խարսխուած է միջազգային օրէնքի վրայ, որ յստակօրէն կը հաստատէ ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդի մը իրաւունքները։ գ) Մեր պահանջատիրութիւնը սրբազան է, որովհետեւ որեւէ կրօնքի համար արդարութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է. հետեւաբար, անոր բռնաբարումը մեղանչում է եւ անոր ձեռքբերումը՝ սրբազան պայքար։ դ) Մեր պահանջատիրութիւնը ազգային է, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը ազգ մը ամբողջ բնաջնջելու նպատակով պետական մաշտապով ծրագրուած ու իրագործուած ծրագիր էր»։

 

Քննադատելով Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, յատկապէս Կովկասի մէջ, Հայրապետը յիշեցուց, թէ «Արցախի պատերազմէն ետք Թուրքիան Կովկասի մէջ իր ռազմաքաղաքական ներկայութիւնը աւելի ամրապնդած է։ Այս վտանգալից իրականութեան դիմաց շրջանի պետութիւնները ցարդ կը մնան լուռ՝ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններէն ու իրենց շահերէն մեկնած։ Հայաստանի իշխանութեան շրջանակներ, իրենց կարգին, տնտեսական զարգացման հեռանկարէն մղուած, այսպէս կոչուած «ապաշրջափակում» ունենալու յոյսէն քաջալերուած, եւ հաւանաբար, որոշ ոյժերէ թելադրուած ակնարկութիւններ կը կատարեն Թուրքիոյ հետ բնական յարաբերութիւն մշակելու։ Թուրքիան յաճախ յիշեցուցած է, թէ ինք պատրաստ է Հայաստանին հետ բարի դրացնութիւն ունենալ, սակայն խանգարողը Սփիւռքն է։ Եթէ Սփիւռքի կողմէ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կը նկատուի խանգարիչ, մենք հպարտ ենք ու յանձնառու այդ դերը շարունակելու», յայտարարեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.- «10 Հոկտեմբեր 2009 թուականին, Անթիլիասի Մայրավանքէն Սփիւռքի հայութեան հաւաքական «ոչ»ին թարգմանը ըլլալով, մերժեցինք այսպէս կոչուած Հայաստան-Թուրքիա տխրահռչակ «արձանագրութիւնները»։ Սա պահուն, մեր սրբացեալ նահատակներու աճիւններուն մօտ կանգնած, Անթիլիասի Մայրավանքէն կոչ կ’ուղղենք մեր ազգի զաւակներուն՝ մերժելու որեւէ մտածողութիւն կամ նախաձեռնութիւն, որ կրնայ վտանգել մեր պահանջատիրութիւնը։ Չմոռնանք երբեք, որ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան գծով որեւէ որոշում կը պատկանի ժողովուրդին. հայ ժողովուրդն է իրաւատէրը իր դատին», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Խօսելով Թուրքիոյ ներկայ քաղաքականութեան ունեցած ժխտական անդրադարձին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «Այսօր մենք ահաւոր վտանգներով յղի հակասութիւններու մէջ կը գտնուինք։ Մէկ կողմէն Արցախի մէջ հող կու տանք, միւս կողմէն՝ հող կը պահանջենք. մէկ կողմէն Թուրքիոյ հետ բարի դրացնութիւն մշակելու պատրաստակամութիւն կը յայտնենք, միւս կողմէն՝ Ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջենք. մէկ կողմէն Արցախի մէջ մեր պատմական ու իրաւական իրաւունքներէն կը զիջինք, միւս կողմէն՝ թուրքերէն մեր իրաւունքները կը պահանջենք։ Մէկ կողմէ Արցախի մէջ մեր հոգեմտաւոր կառոյցները կը յանձնենք թուրքին, միւս կողմէ՝ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ մեր բռնաբարուած հոգեմտաւոր կեդրոնները կը պահանջենք։ Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ նոյնիսկ Արցախի պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող հակահայ կեցուածքներու ու արարքներու ետին կը գտնուի Թուրքիան. այսպէս՝ հոգեմտաւոր կառոյցներու քանդում, գերիներու վերադարձի մերժում, հայկական հողերէն ներս թափանցումի փորձեր, որոնք դատապարտելի եւ մերժելի են միջազգային օրէնքին համաձայն։ Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ Թուրքիոյ տնտեսական ներխուժումը Հայաստանէն ներս ի՜նչ վտանգներու դիմաց կրնայ դնել երկիրը։ Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ Հայաստանէն ներս Թուրքիոյ ներկայութիւնը ի՜նչ ահաւոր հարուած կրնայ տալ մեր պահանջատիրութեան»։

 

Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, թէ Թուրքիան ինչ քաղաքականութիւն ալ որ որդեգրէ, մեր իրաւունքներու հետապնդումը նահանջ պիտի չարձանագրէ։ Ան ըսաւ.- «Պետութիւնը իր ազգին գերագոյն արժէքներուն ու իրաւունքներուն պաշտպանը կոչուած է դառնալու։ Դժբախտաբար, մենք հող զիջեցանք Արցախի մէջ, սակայն մեր հին թէ նոր նահատակներու արիւնով շաղախուած մեր իրաւունքները չենք զիջիր։ Ըլլանք արթուն։ Թուրքիան իր փան-թուրանիզմի քաղաքականութիւնը ի՛ր իսկ խոստովանութեամբ քաղաքատնտեսական միջոցներով կը շարունակէ արաբական ու իսլամական երկիրներէն ներս եւ ուր որ պարարտ հող գտնէ։ Թոյլ պէտք չէ տանք, որ Հայաստանը դառնայ այլապէս պարարտ հող՝ Կովկասէն ներս Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան եւ այսպէս մոռացութեան փոշիին տակ ծածկուին մեր իրաւունքները»։

 

Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման Թուրքիոյ քաղաքականութեան մասին՝ Հայրապետը ըսաւ.- «Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութեան առընթեր, վերջին տարիներուն Թուրքիան բիրտ, յարձակողական եւ միջազգային դիւանագիտական յարաբերութեան ոչ-յարիր լեզու ու գործելաոճ որդեգրած է, յատկապէս այն երկիրներուն կամ պետական պատասխանատուներուն նկատմամբ, որոնք հայանպաստ արտայայտութիւններ կ՚ունենան։ Օրինակները բազմաթիւ են։ Թուրքիան նաեւ սպառնական լեզու կը գործածէ այն պետութիւններուն մօտ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով կրնան գործնական քայլերու դիմել։ Այս երեւոյթին վերջին օրինակն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն ուղղած իր զգուշացումը, թէ՝ եթէ «ցեղասպանութիւն» բառը գործածէք, Կովկասէն ներս խաղաղութեան գործընթացքը կրնայ խանգարուիլ եւ նոր տագնապ ստեղծուիլ…։ Մենք վստահ ենք, որ նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներուն ամուր յանձնառութիւնը մարդկային իրաւանց, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին ու ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, նախագահ Ճօ Պայտըն իմաստութիւնը ու քաջութիւնը պիտի ունենայ հաստատելու, թէ հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ոճիրը ցեղասպանութիւն է՝ միջազգային օրէնքին համաձայն։ Այս բոլորին առընթեր չմոռնանք նաեւ, որ վերջերս Թուրքիոյ մէջ կեդրոն մը հաստատուեցաւ, որուն նպատակն է հակազդել հայ դատը պաշտպանելու ձգտող աշխատանքներուն»։

 

Նորին Սրբութիւնը վերաշեշտեց մեր ժողովուրդին ամուր կառչածութիւնը իր անհերքելի իրաւունքներուն եւ իր պատգամը փակեց հետեւեալ վճռակամութեամբ.- «Իր իրաւունքը պահանջող ժողովուրդը Թուրքիոյ ուրացման, ժխտողական, յարձակողապաշտ ու սպառնական կեցուածքներուն ու մօտեցումներուն դիմաց չ’ընկրկիր, չի նահանջեր։ Հայ ժողովուրդը իր մարդուժի ու ներուժի ամբողջական լարումով պիտի շարունակէ իր պահանջատիրական պայքարը՝ հաւատարիմ իր սրբացեալ նահատակներու սրբազան կտակին։

 

«Պիտի յիշենք մեր սրբացեալ նահատակները։

 

«Պիտի յիշեցնենք մեր սրբացեալ նահատակներու սրբազան կտակը։

 

«Պիտի պահանջենք, վերանորոգ հաւատքով ու վճռակամութեամբ, մեր բռնաբարուած ու անժամանցելի իրաւունքները»։

 

Հայրապետին խօսքին յաջորդեց Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան խօսքը, որ արտասանեց Վանիկ Տագէսեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան խօսքը, որ արտասանեց Վաչէ Տօնէրեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խօսքը, որ արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան։ Գեղարուեստական յայտագիրով Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի անդամ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան ներկայացուց նահատակներու նուիրուած երգ մը։

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը, յիշեալ կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ միութիւններ ու մարմիններ Սրբոց Նահատակաց մատրան դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղեցին ի յարգանս աւելի քան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն։

 

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներուն նուիրուած Ս. Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, նախարարներ ու երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, կազմակերպութիւններու, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

 

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով։

More News