Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021-ին, Պքերքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ մարոնիթ, հայ առաքելական, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ եւ քաղդէական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:
Հանդիպման նպատակն էր խորհրդակցիլ 1 Յուլիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպման շուրջ հասարակաց մօտեցումներ ճշդելու:
Յայտնենք, որ Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպումը Ֆրանսիս Պապին հետ նախաձեռնած է Վեհափառ Հայրապետը՝ շուրջ երկու ամիսներ առաջ Պապին յղած իր նամակով:
Պքերքէի ժողովին, Նորին Սրբութիւնը իր պատկերացումը ներկայացուց եւ շարք մը կէտերու կարգին կարեւորութեամբ շեշտեց քաղաքական տարբերութիւններէ վեր մնալու եւ կառավարութիւն մը կազմելու հրամայականը, որպէսզի հանդիպումը կարենայ ժողովուրդի հետզհետէ աճող ընկերա-տնտեսական կարիքներուն գոհացում տալ: