Շաբաթ, 13 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ համա-ատենապետութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեանի եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի, տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի առցանց նիստը։ Կրօնական Ժողովի անդամներուն կողքին, նիստին մասնակցեցան նաեւ թեմակալ առաջնորդներ եւ Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ։ Ժողովին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը «Հոգւոցն հանգուցելոց…» արտասանեց լուսահոգի Տ. Մեղրիկ սրբազանի հոգիին, որ վերջերս վախճանած էր՝ յիշելով, որ Միաբանութեան միջին սերունդին պատկանող մեր ծառայասէր միաբան հարերէն մէկը եղած է եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած մեր Ս. Աթոռի առաքելութեան։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ժողովական հայրերը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ հակառակ ստեղծուած դժուար պայմաններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերը իրենց աշխոյժ գործունէութիւնը կը շարունակեն՝ ծիսական, ընկերային ու վարչական մարզերէն ներս։
Հայրապետը յատկապէս շեշտեց, թէ ծիսական արարողութիւններու ու ընկերային աշխատանքներու ճամբով անհրաժեշտ է առաւելագոյն չափով հասնիլ մեր ժողովուրդին՝ անոր հաւատքը աւելի ամրապնդելու եւ մարդասիրական ծառայութեան ճամբով եկեղեցին աւելի կենդանի ներկայութիւն դարձնելու իմաստով։
Վեհափառ Հայրապետին ներածական խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին Դպրեվանքի, քրիստոնէական դաստիարակութեան, տեղեկատուութեան, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեան, մատենադարանի, ձեռագրատան ու հնատիպերու պատասխանատու միաբանները եւ հակիրճ զեկոյցներ ներկայացուցին։ Իւրաքանչիւր զեկոյցէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում։ Թեմակալ առաջնորդները անդրադարձան իրենց թեմերուն առնչուած կարգ մը կրօնական բնոյթ ունեցող երեւոյթներու։
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ողջունեց կատարուած աշխատանքները՝ յիշեցնելով, որ նկատի ունենալով ներկայ դժուար պայմանները, յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի առցանց եւ այլ արդի միջոցներով ժողովուրդին հասնելու հրամայական աշխատանքին։ Ան նաեւ ողջունելով թեմերուն կողմէ կատարուող մարդասիրական աշխատանքները, անդրադարձաւ ընկերային ծառայութեան ծիրէն ներս Կաթողիկոսարանին տարած գործունէութեան՝ թէ՛ Լիբանանի թեմին եւ թէ Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներուն ճամբով։