ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2021-ին, շարունակելով առաւօտեան սկսած իրենց աշխատանքը, Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը կէսօրէ ետք եւս ունեցան ժողովական աշխատանքները։   Նիստը յատկացուած էր եկեղեցիներու կողմէ կատարուող կրթական, մարդասիրական եւ առողջապահական բնագաւառներուն առնչուած ծրագիրներու։ Ներկաները շեշտեցին յիշեալ աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը՝ յայտնելով, որ եկեղեցիներուն կողմէ կատարուող աշխատանքները աւելի կազմակերպուած կերպով կը կատարուին քան՝ պետական կառոյցներունը։…