17 Ապրիլի, 2021

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Ուրբաթ, 16 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի Պատրիարքին փոխանորդը՝ Արքեպիսկոպոս Փօլ Սայահ: Այցելութեան նպատակն էր.- ա) Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահել Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան գծով Ռայի Պատրիարքին տարած աշխատանքներուն մասին եւ բ) Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան ղրկած նամակին առնչուած կարգ մը հարցերուն մասին:

 

Վերջին կէտին գծով յայտնենք, որ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանը խնդրած էր Նորին Սրբութենէն, նկատի ունենալով իր սերտ յարաբերութիւնը Վատիկանի հետ, նամակ մը յղէ Վատիկան՝ կարգ մը առաջարկներ ներկայացնելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս ու յատկապէս Լիբանանի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան առնչուած: Վերոյիշեալ երկու հարցերու գծով Հայրապետը իր տեսակէտները յայտնեց Արքեպիսկոպոս Փօլ Սայահին՝ փոխանցելու Ռայի Պատրիարքին:

More News