ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

 
Այսօր Կաթողիկոսարանը շարունակեց լիբանանի հայ համայնքի կարիքներուն իր օժանդակութիւնը։ Այս անգամ մեր օժանդակութիւնը կեդրոնացաւ կրթական, կրօնական, ընկերային ու մշակութային կառոյցներուն վրայ։
 
 
Համայնքի կեանքին առանցքը իր կառոյցներն են։ Անհրաժեշտ է, որ մեր կառոյցները ըլլան կազմակերպ ու ինքնաբաւ, որպէսզի անոնց աշխոյժ գործունէութեամբ համայնքը դառնայ կենսունակ։
 
 
Արդ, անոնք որոնք մասնակից կը դառնան մեր կառոյցներուն հզօրացման, պատիւ ու գնահատանք անոնց։ Անոնք որոնք կարելիութիւնը ունին եւ չեն ուզեր օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն, կը ցաւիմ։