13 February, 2021

«ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ» ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքին, Ուրբաթ, 12 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» հատորներու առցանց ներկայացումը։ Յայտագիրին բանախօսերն էին հատորներու խմբագիր Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի նախկին խմբավարներէն Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխըրտըմեան (այժմ Վանգուվըրի հոգեւոր հովիւ) եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի խմբավար Գրիգոր Ալոզեան։

 

Հանդիպման զեկուցավարն էր Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան։ Ան իր ողջոյնի խօսքին մէջ վեր առաւ հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ եկեղեցական, ազգային ու մշակութային արժէքներու պահպանման ջատագովը ըլլալու հանգամանքը։ Հայր սուրբը նաեւ նշեց, որ տուեալ աշխատանքին հիմնական նպատակը եղած է մեր եկեղեցւոյ շարականները փրկել կորուստէ, զանոնք կենդանի պահել եւ մատչելի դարձնել հաւատացեալներուն եւ մանաւանդ երիտասարդութեան։

 

Ապա, հայր սուրբը հրաւիրեց Օշական սրբազանը, որպէսզի հակիրճ կերպով ներկայացնէ յիշեալ հատորներուն պատմականը։ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ շարականներու կազմաւորման եւ անոր լոյսին տակ խօսեցաւ, թէ ինչպէս սկզբնական շրջանին շարականները բերանացի կերպով կը փոխանցուէին, որուն իբրեւ հետեւանք տարբեր երգեցողութիւններ կ՚ունենային անոնք։ Դժբախտաբար սակայն, ժամանակի ընթացքին եւ տարբեր պատճառներով, ժողովուրդը կորսնցուցած է խազերու եւ հայկական երաժշտութեան նօթաներու իր գիտութիւնը։ Վերոնշեալ մտահոգութիւններէն մեկնելով, 1979-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, գլխաւորութեամբ հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի, ձեռնարկեց սոյն հատորներու աշխատանքին։ Օշական սրբազանը նաեւ բացատրեց, թէ նախ կեդրոնացումի առարկայ դարձաւ շարականներու հայկական նօթագրութեամբ թարգմանութիւնը՝ մանր սրբագրութիւններով եւ պատշաճեցումներով։ Ան ըսաւ, որ աշխատանքը որոշ շրջան մը դադրեցաւ սրբազանին վաղահաս վաճխանումին եւ իր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ առաքումին պատճառով, բայց վերջերս, վերսկսելով աշխատանքը՝ հասաւ մինչեւ 11 հատոր՝ 12-րդը յառաջիկայ տարի հրատարակելու ակնկալութեամբ։ Աւարտին, ան յայտարարեց, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ այս շարքէն անկախ եւ աւելի փոքր ծաւալով դպրապետներու ուղեցոյց-գիրք մը։

 

Ա.-էն Ը. հատորները ներկայացուց հայր Գարեգինը։ Ան ըսաւ, որ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» հատորներուն մասին խօսիլ կը նշանակէ երախտագիտութեամբ դիտել հսկայ աշխատանք մը, որ ազգայի՛ն հարստութիւն է՝ պատկանելով հայ ժողովուրդին եւ ապացուցելով ստեղծագործական բարձր մակարդակ։ Հայր սուրբը լուսարձակի տակ առնելով հատորները՝ ընդգծեց շարականներուն զարգացման հանգրուանները՝ Ե. դար (թարգմանութիւն եւ ուրոյն ստեղծագործութիւններու կատարում), Ե.-էն ԺԳ. դար (հսկայ ստեղծագործութիւններու հանգրուան), ԺԵ. դար (Ժամակարգութեան վերջնական ձեւի մէջ մտնելու շրջան եւ խազագրութեան կատարելագործում), ԺԸ.-ԺԹ. դար (հայ ձայնագրութեան հանգրուան)։

 

Վերջապէս, խօսք առաւ Գրիգոր Ալոզեանը, որ վկայակոչելով տասնամեակներ առաջ սոյն աշխատանքին առաջին հատորին հրապարակումը՝ ըսաւ, որ այդ մէկը մեծ խանդավառութեամբ ընկալուած եւ օգտագործուած է եկեղեցիներուն մէջ։ Ալոզեան ներկայացուց հատորաշարքին Թ.-էն ԺԱ. հատորները։ Խօսելով «Ապաշխարութեան Օրհնութիւններ Եւ Ապաշխարութեան Հարցեր Իրենց Սարքերով» հատորին մասին՝ ըսաւ, որ «Ապաշխարհութեան Օրհնութիւններ» շարականները կը վերագրուին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին։ Հոն յատկանշական է քնարական տարրը, իսկ մեղքի գաղափարը տիրական է։ Նոյն հատորին մէջ կան նաեւ «Համբարձի»ները եւ «Մանկունք»ները, որոնց հեղինակները անյայտ են ու կը յիշեցնեն Ե. դարու գեղեցիկ գրաբարը. անոնք կը վերագրուին Պետրոս Ա. Գետադարձի, Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետի եւ Ներսէս Շնորհալիի։ Խօսելով Ժ. հատորին մասին ան նշեց, որ «Թագաւոր Յաւիտեան»ները բաժնուած են երկու մասի՝ ապաշխարութեան եւ մարտիրոսաց։ Հատորը նաեւ ունի աւագ սուրբերու նուիրուած շարք մը։ Վերջապէս, ԺԱ. հատորը ներկայացնելով՝ «Կանոն Հանգստեան, Հանգստեան Հարցեր Իրենց Սարքերով Եւ Խաչի Մանկունքներ» խորագրեալ, ան յիշեց կարգ մը հեղինակներու անունները, ինչպէս՝ Սահակ Գ. Ձորափորեցի, Պետրոս Ա. Գետադարձ, Դանիէլ Երաժիշտ, Յակոբ Սանահնեցի եւ յայտնեց, որ հատորը բաժնուած է երեք գլխաւոր մասերու՝ Հանգստեան Կանոններ, Հանգստեան Հարցեր եւ Խաչի Մանկունքներ։

 

Աւարտին, փակման խօսքով դարձեալ հանդէս եկաւ հատորներու խմբագիր Օշական սրբազանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգիս Յովհաննէսեանին սոյն հատորներուն առնչութեամբ տարած աշխատանքին համար։

 

Յայտնենք, որ առցանց ձեռնարկին կը հետեւէր նաեւ Վեհափառ Հայրապետը, զոր Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ հայր սուրբին միջոցաւ փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը եւ գնահատեց հատորները ներկայացնողներն ու մասնակիցները, ինչպէս նաեւ հատորները լոյս ընծայելու սրբազան առաքելութեան լծուած կամաւորները։

More News