ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԵՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՆՅԱՊԱՂ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

Երկուշաբթի, 22 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Ապտալլա Էլ Պուխարի կոչ ուղղեցին նոր կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան ու տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու ազդու միջոցներու որդեգրման:

 

Վեհափառ Հայրապետին գրասենեակին մէջ աւելի քան ժամ մը տեւած մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութիւնն ու դեսպանը Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցերու առընթեր նաեւ իրենց լուրջ մտահոգութիւնը յայտնեցին ընդհանրապէս արաբական աշխարհէն ու յատկապէս Լիբանանէն ներս տակաւ աճող թրքական ներկայութեան: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ դրական մօտեցումը այլ կրօններու հետ երկխօսութեան, անոր զօրակցութիւնը Լիբանանի պետութեան ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները աւելի զարգանան եւ առաջարկեց, որ Սէուտական Արաբիան միջամտութիւն կատարէ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ գերիներու շուտափոյթ ազատագրման:

 

Դեսպանը, իր կարգին, մեծապէս գնահատեց Լիբանանի հայ համայնքին հաւասարակշռուած ու իրապաշտ մօտեցումը՝ Լիբանանը յուզող հարցերու գծով: Ան իր գնահատանքը յայտնեց միջ-կրօնական գործակցութեան ու գոյակցութեան ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետին ծաւալած աշխատանքներուն Լիբանանէն ներս թէ դուրս։ Ապա, ան Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ճաշի եւ յարմար առիթով այցելելու Սէուտական Արաբիա: