ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց 16 հոգիներէ բաղկացած Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան զանազան կառոյցները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի։

 

Յանուն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Թիւֆէնքճեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կրթական, մշակութային, ընկերային ու բարեսիրական մարզերէն ներս Միութեան կատարած աշխատանքները, յատկապէս վերջին տարուան ընթացքին։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Բարեգործական Միութեան, որ մեր հայ կեանքէն ներս միշտ եղած է ծառայական ներկայութիւն։ Ան նաեւ ողջունեց Միութեան ցուցաբերած գործակցական ոգին բոլոր կազմակերպութիւններուն նկատմամբ։ Պատուիրակութեան անդամները խօսք առնելով, իրենց կարգին, պատրաստակամութիւն յայտնեցին նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ շարունակելու իրենց ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին՝ ամրօրէն կառչած մնալով անոր ներքին միասնականութեան առաւել ամրապնդման։

 

Ապա, պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ գտնուող Նահատակաց մատուռ եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Ապրիլ 24-ի նահատակաց օրուան առիթով։