18 March, 2021

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

4, 5, 8 եւ 9 Մարտ 2021-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Համաշխարհային Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն» յանձնաժողովը գումարեց իր առցանց ժողովը, որ բաղկացած էր զանազան երկիրներէ եւ եկեղեցիներէ եկած 25 անդամներէ, ինչպէս նաեւ խորհրդատուներէ, հիւրերէ եւ ԵՀԽ-ի «Հաւատք եւ Կարգ» յանձնաժողովի տնօրէնէն։

 

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ 2013 թուականէն ի վեր յանձնաժողովին անդամ իրաւաբան Վանայ Կիտցինեանը։ 

 

Ժողովը քննարկեց Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած կացութիւնը եւ այս գծով եկեղեցիներուն քաղած դասերը՝ մեկնելով յանձնաժողովի անդամներուն փորձառութիւններէն, վաւերացուց վերջին տարիներուն սկսած յանձնաժողովին խմբակներուն ուսումնասիրական աշխատանքները եւ յանձնաժողովին տնօրէնին եւ աշխատակազմին տեղեկագրութիւնները, ինչպէս նաեւ արծարծեց յանձնաժողովին տանելիք աշխատանքները՝ 2022-ին տեղի ունենալիք ԵՀԽ-ի ընդհանուր համաժողովին առնչութեամբ, եւ մատնանշեց առաքելութեան վերաբերող կարգ մը կարեւոր խնդիրներ։ Ժողովը խօսեցաւ նաեւ Գարիպեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Առաքելութեան Յանձնաժողովը սոյն յանձնաժողովին միացնելու մասին։ Վերջապէս, ժողովը որոշեց, որ յանձնաժողովէն 6 անդամներ առաջարկուին Կեդրոնական Վարչութեան՝ իբրեւ յառաջիկայ յանձնաժողովին կորիզը։

 

Նշենք, որ Վանայ Կիտցինեան նաեւ համադրեց աշխատանքային խմբակներէն մէկը եւ Սուրբ Գրային խորհրդածութիւն մը ըրաւ։

More News