23 February, 2021

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ԱՔԹ ԸԼԱՅԸՆՍ» ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

17 եւ 18 Փետրուար 2021-ին, «ԱՔԹ Ըլայընս»՝ համագործակցութեամբ «ԱՔԹ» Լիբանանի Ֆորիւմին, կազմակերպած էր առցանց երկխօսութիւն մը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը։

Այս տարուան ընթացքին եւ աշխարհի տարածքին, «ԱՔԹ Ըլայընս»-ը նախատեսած է իրագործել կլիմայական արդարութեան նուիրուած զանազան ծրագիրներ՝ տարածաշրջանային եւ ազգային գործընթացներու միջոցով, որոնք պիտի ըլլան համահունչ ՄԱԿի «Կայուն Զարգացման Նպատակներ»ու եւ «Փարիզի Կլիմայի Համաձայնագիրներ»ուն։ 

 

Նշենք, որ տարբեր երկիրներու մէջ արդէն իսկ տեղի ունեցած այս երկխօսութիւնը կը հետապնդէ խրախուսել տեղական եկեղեցիները, հաւատքի վրայ հիմնուած ոչ-կառավարական կազամակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարական մարմինները անդրադառնալու կլիմայի ճգնաժամի հրատապ մարտահրաւէրներուն։

 

Երկխօսութիւնը նաև առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու Լիբանանի մէջ կլիմայի փոփոխութեան հետևանքները, ինչպես նաեւ բնապահպանական համաձայնագրերու նկատմամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւններու իրագործման ընթացքը:

 

 

More News