Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ Կ՚ՕԺԱՆԴԱԿԵՆ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Շաբաթ, 12 Յունիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին հովանիին տակ գործող Հայ Եկեղեցեւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութենէն (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) խումբ մը երիտասարդներ, գլխաւորութեամբ Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի, իրենց անձնական ջանքերը ու ճիգերը ի գործ դնելով, 20 կարիքաւոր հայ ընտանիքներու օժանդակեցին։ Այցելութեան ընթացքին, երիտասարդները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին…