ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ

Շաբաթ, 13 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար առցանց նիստը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ  համա-ատենապետութեամբ Տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեանի (Լիբանան) եւ Գրիգոր Մահսերէճեանի (Ապու Տապի)։

 

Առաջին հերթին դիւանապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց նախորդ երկու նիստերու ատենագրութիւններուն գլխաւոր կէտերը, յատկապէս ծանրանալով Լիբանանի հայութեան վերականգնումի, Արցախի պատերազմին յառաջացուցած տագնապին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտեցման, Կաթողիկոսարանի կատարած ընկերային ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած եկեղեցական ու պետական շփումներուն։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը լայն զեկոյց մը տուաւ հետեւեալ կէտերուն շուրջ.-

 

Ա) Հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, Մայրավանքէն ներս, ինչպէս մեր բոլոր թեմերուն մէջ, եկեղեցական արարողութիւնները կանոնաւոր կերպով կը կատարուին եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններու ու Սուրբ Գրոց սերտողութիւններու ճամբով հոգեւոր սնունդ կը տրուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծելով կարեւորութիւնը այս աշխատանքներուն, անհրաժեշտ նկատեց, որ անոնք շարունակուին վերանորոգ թափով։

 

Բ) Նորին Սրբութիւնը ցաւով անդրադարձաւ, որ համաճարակին զոհ գացած են համայնքային պատասխանատուներ ու ազգայիններ, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներ՝ գրեթէ բոլոր գաղութներէն ներս։ Պետական ու առողջապահական պատասխանատուներուն կողմէ կատարուող թելադրութիւնները՝ թագաժահրէն հեռու պահելու ձգտող, անհրաժեշտ է որ ամբողջութեամբ յարգուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ, շեշտեց Հայրապետը։

 

Գ) Համավարակի ու տնտեսական տագնապի ստեղծած կացութիւնը մեզ կը մղէ առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելու ընկերային ծառայութեան։ Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով ողջունեց առաջնորդարաններուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններուն կողմէ կատարուած մարդասիրական աշխատանքները։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ նոյն ուղղութեամբ Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն, յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ։ Ան նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր ազգայիններուն ու թեմերուն, որոնք նիւթապէս կ՚աջակցին մեր ժողովուրդի կարիքներուն։

 

Դ) Լիբանանի հայութեան վերականգնումը Հայրապետը նկատեց յոյժ կարեւոր։ Այս ծիրին մէջ անցնող ամիսներուն գործնական քայլեր առնուեցան յատկապէս վնասուած տուներու վերանորոգման ուղղութեամբ։ Ան իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ այս աշխատանքներուն իրենց նիւթական մասնակցութիւնը բերած մեր բոլոր կառոյցներուն, թեմերուն ու ազգայիններուն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։

 

Ե) Անդրադառնալով Արցախի պատերազմին ստեղծած կացութեան, Վեհափառը յայտնեց, թէ այս ուղղութեամբ իր տեսակէտը, եւ բնականաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտեցումը յստակօրէն արտայայտած է։ Ամէն գնով բեւեռացումներէ հեռու պէտք է պահել Հայաստանը, նոր ընտրութիւն կազմակերպելով եւ նոր իշխանութիւն հաստատելով. միաժամանակ, լծուելով Արցախի անկախութիւնը ապահովելու աշխատանքներուն։

 

Զ) Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ 2021 տարին հռչակած է «Արցախի Տարի»։ Այս ուղղութեամբ իր հռչակագիրը կարդացուած է մեր եկեղեցիներէն ներս։ Հռչակագիրին մէջ կը շեշտուի Արցախի կարիքներուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ Արցախի անկախութեան համար յատուկ աշխատանքներ տանելու հրամայականը։

 

Է) Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Կաթողիկոսարանին դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններուն։ Թեմերէն ներս ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւնները, Լիբանանի տնտեսական տագնապը եւ դրամատնային կառոյցին յառաջացուցած խնդիրները իրենց ժխտական անդրադարձը ունեցան Կաթողիկոսարանի տնտեսական կացութեան վրայ։ Հակառակ այս իրողութեան, Վեհափառ Հայրապետը հրամայական նկատեց թեմերուն կողմէ Աթոռատուրքի գծով յատուկ ճիգ մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը։

 

Ը) Սիսի Կաթողիկոսարանին վերադարձի գծով Թուրքիոյ պետութեան դէմ Կաթողիկոսարանի դատին անդրադառնալով, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը կատարելով վերջին զարգացումներուն եւ թրքական դատարանին կողմէ կատարուած յետաձգումներուն՝ յայտնեց, որ դատի թուական ճշդուած է 21 Մարտ 2021-ը։

 

Թ) Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ յայտնեց, որ հակառակ գործնական դժուարութիւններուն, Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոնները կը գործեն առցանց։ Դպրեվանքը, «Թռչնոց Բոյն»ը, Ազգ. Ծերանոցը եւ Ազգ. Բուժարանը բնական կերպով կը շարունակեն կատարել իրենց աշխատանքները։ Կաթողիկոսարանը եւս կը շարունակէ իր աշխատանքները։

 

Ժողովականներուն կողմէ տրուած կարգ մը հարցումներուն Նորին Սրբութիւնը յաւելեալ լուսաբանութիւններ ու բացատրութիւններ տուաւ։ Ժողովականներ նաեւ թեմերուն առնչուած կարգ մը մտահոգութիւններուն ու երեւոյթներուն անդրադարձան։ Ապա, ժողովականները իրենց գնահատանքը ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին առաջնորդութեամբ թէ՛ Կաթողիկոսարանին եւ թէ թեմերուն կողմէ կատարուող յարաբերական, վարչական աշխատանքներուն ու յատկապէս մեր ժողովուրդի կարիքներուն օգտակար ըլլալու ճիգերուն։