25 May, 2021

ԼՈՒՐԵՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ

Այսօր, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-

 

  • Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ճորճ Արք. Սալիպա եւ յանուն Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Իգնատիոս Աֆրամ Բ.ին, հրաւիրեց ներկայ գտնուելու Աթշանէի Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունենալիք եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան: Սալիպա Արք.ին կ’ուղեկցէին եպիսկոպոսական օծում ստանալիք երկու հոգեւորականները:

 

  • Նորին Սրբութիւնը Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա Մատենադարան»ին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մատենադարանապետ Շահան Սրբազանին եւ ճարտարապետներուն հետ՝ մօտէն հետեւելու մատենադարանի վերանորոգման ու վերադասաւորման ծրագիրներու իրագործման:

 

  • Վեհափառ Հայրապետին հանդիպեցաւ, շաբաթ մը առաջ Կաթողիկոսարանի հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի կողմէ Հայաստան մեկնած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին՝ ատենապետ Տիար Երուանդ Փամպուքեան, քարտուղար Տիար Խաչիկ Տէտէեան եւ անդամ Տիար Շահան Գանտահարեան: Անոնք Նորին Սրբութեան զեկուցեցին իրենց կատարած աշխատանքին, նաեւ տեղի ունեցած հետեւեալ շնորհահանդէսներուն մասին.-

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական յանձնախումբի անդամներ Երուանդ Փամպուքեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան մեկնեցան Երեւան ներկայ ըլլալու համար Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովի նիւթերու հաւաքածոյի շնորհահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (Գ.Ա.Ա.) նախագահութեան կեդրոնական դահլիճին մէջ՝ կազմակերպութեամբ Գ.Ա.Ա.-ի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնութեան։ Սոյն շնորհահանդէսի Բոլոր մասնակիցները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով իր նախաձեռնութեան եւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ակադեմական մարդուժի համախմբման համար։

 

 

Յաջորդող օրերուն յաջորդաբար տեղի ունեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքի 13-րդ հատորի, «ՔրիստափորՄիքայէլեանի անտիպ նամակներ»ու եւ «Նիկոլ Դուման. նամականի» հատորներու, ինչպէս նաեւ «Զանգակ» հարատարակչատան մէջ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» բանաստեղծութիւններու երկհատորի շնորհահանդէսները։

 

 

  • Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան Վեհափառ Հայրապետին ցաւով յայտնեց Հոգեւոր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Գապրոյեան Պատրիարքին վախճանումը: Նորին Սրբութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնեց Հայ Կաթողիկէ հոգեւոր դասուն եւ ժողովուրդին, միաժամանակ յայտնեց որ ինք անձամբ ներկայ պիտի գտնուի երջանկայիշատակ Պատրիարքի թաղման արարողութեան:

More News