ԼՈՒՐԵՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ
Ա) Ուրբաթ, 21 Մայիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապէն անձնական նամակ մը ստացաւ՝ Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած ծրագիրի մը մասին: Բ) Դոկտ. Սորիթուա Նապապանի մահուան առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքին եւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին: Նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Դոկտ. Նապապանի կատարած…