Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՅԺԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2021-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունենց Լիբանանեան Ոյժեր եւ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւնները: Անոնք բաղկացած էին յիշեալ կուսակցութիւններու երեսփոխաններէ ու նախարարներէ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Պատուիրակութիւնները նախ ծաղկեպսակ զետեղեցին Մայրավանքի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ՝ իրենց յարգանքը արտայայտելով…