25 Մարտի, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2021-ին, մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ էլ Խազէն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Դեսպանը շաբաթ մը առաջ այցելած էր Հայրապետին եւ նկատի ունենալով Նորին Սրբութեան սերտ յարաբերութիւնը Վատիկանի հետ, առաջարկած էր նամակ մը յղել՝ պարզելով Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը եւ որոշ գործնական առաջարկներ ներկայացնել՝ Վատիկանի դերակատարութեան գծով։

 

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին պարզեց յիշեալ նամակին մանրամասնութիւնները: Դեսպանը, իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց անցնող օրերուն Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին եւ Րաայի Պատրիարքին հետ ունեցած տեսակցութեանց մասին: Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Լիբանանի այժմու կացութեան՝ իր քաղաքական ու տնտեսական հետեւանքներով:

More News