21 Մայիսի, 2021

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Երկուշաբթի, 17 Մայիս 2021-ին, առցանց տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի տարեկան ժողովը, որուն մասնակցեցեան ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն Թոմաս եւ Անկելոս մետրոպոլիտները եւ Դոկտ. Կրկէս Սալէհ, ասորի ուղղափառ եկեղեցիէն Ճորճ Սալիպա եւ Տանիէլ Քուրիէ մետրոպոլիտները, հայ եկեղեցիէին (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն) Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանն ու Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը։

 

Ժողովը ընթացք առաւ աղօթքով, որմէ ետք ժողովականները արծարծեցին հետեւեալ նիւթերը.- Բիւզանդական եկեղեցւոյ հետ երկխօսութեան ընթացք եւ ներկայ իրավիճակ, կաթողիկէ եւ անկլիքան եկեղեցիներուն հետ երկխօսութիւն, միջ-եկեղեցական ժողովներ եւ մասնակցութիւն, երեք քոյր եկեղեցիներու ընդհանուր գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ՝ յատկապէս թագաժահրի ստեղծած աննախադէպ կացութեան լոյսին տակ, Ասորի եւ Էրիթրիոյ եկեղեցիներու իրավիճակ եւ Երուսաղէմի մէջ ղպտի եկեղեցւոյ պատկանող պատմական Սուլթան Վանքի առնչուող վերջին զարգացումներ։ Ժողովը նաեւ ծրագրեց երեք հոգեւոր պետերուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ն.Ս. Թաուատրոս Ա. ղպտի ուղղափառ եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. ասորի ուղղափառ պատրիարքներուն հերթական հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ 6-8 Սեպտեմբեր 2021-ին, Եգիպտոսի մէջ։

 

Ժողովը փակուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին աղօթքով եւ օրհնութեամբ։

More News