Ուրբաթ, 9 Ապրիլ 2021-ի Երեկոյեան Ժամերգութենէն ետք, գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն, «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան թեկնածու միաբան հայրերու թեզերու պաշտպանութիւնը։
Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան ներկայացուց «Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ (Ապա Առաջնորդ)՝ Թորգոմ Արք. Գուշակեանի եւ Մամբրէ Ծ. Վրդ. Սիրունեանի (Ապա Արքեպիսկոպոս) Նամակագրութիւնները Սահակ Բ., Բաբգէն Ա. Կաթողիկոսներուն, Ինչպէս Նաեւ Կաթողիկոսարան Ընդհ. Փոխանորդներուն եւ Տեղապահներուն, Ինչպէս Նաեւ Վերոնշեալ Կաթողիկոսներուն Նամակագրութիւնները Եգիպտոսի Օրուան Առաջնորդներուն» արխիւային նիւթը, Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան՝ «Իսրայէլի Հետքերով (Ցեղ, Ազգ, Մշակոյթ Եւ Ինքնութիւն)», Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան՝ «Սուրբ Գրային Հակասութիւններ եւ Ուղղափառ Բանաձեւեր», Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան՝ «Չորս Տարիներ Գեհենի մէջ (Նահատակաց Յիշատակը Օրհնեալ Ըլլայ Յաւիտեան)», Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան՝ «Սուրբ Գրային Յունարէնի Դասագիրք» եւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան՝ «Յունաստանի Հայկական Եկեղեցիները»։ Նշենք, որ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին նիւթն է «Սուրբ Գրային Ու Կրօնաբարոյական Վերլուծումներ Եւ Ուսումնասիրութիւններ», իսկ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանինը՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասունքները». անոնք չկարողացան ժամանել Անթիլիասի Մայրավանք՝ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ համաճարակին հետեւանքով սահմանուած պետական օրէնքներուն ու արգելափակումներուն պատճառով։
Թեզերուն նիւթերը ներկայացնելէ եւ զանոնք պաշտպանելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը կատարեց իր մատնանշումները ու թելադրանքները եւ տուաւ համապատասխան ուղղութիւններ։ Միաժամանակ ան իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատասիրութիւններուն գծով։
Աւարտին, առ ի գնահատանք Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանին Մայրավանքէն ու Դպրեվանքէն ներս կատարած իր ծառայութեան, Վեհափառ Հայրապետը լանջախաչ կրելու իրաւունքը շնորհեց իրեն։
Յայտենք, որ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանի տուուչութեան եկեղեցական արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը՝ Շաբաթ, Կիրակամտից Ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, երեկոյեան ժամը 5։30-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ։