Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը տասնմէկ հոգիներէ բաղկացած Լ. Օ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան։ Այցելութեան նպատակն էր ստանալ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը և թելադրանքները։ Լ. Օ. Խաչի վարչութիւնը Նորին Սրբութեան պարզեցին յառաջիկայ երկու տարիներու իրենց աշխատանքի ծրագիրը։ Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս գնահատեց Օգնութեան Խաչի ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն և…