«ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ԱԶԳԻՆ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔՆ Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընի մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կիրակի, 07 Սեպտեմբեր 2014-ին, նախագահեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ  եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին: Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատգամ ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Առաջին հերթին, ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, շրջապատուած մեր ժողովուրդի զաւակներով: Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ իր ուսանողութեան օրերուն յաճախակի կերպով այցելած…