Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԵՀՈՄ-ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 30 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նորընտիր վարչութիւնը ներկայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, իր օրհնութիւնն ու ցուցմունքները ստանալու համար:   Շաբաթ, 26 Յուլիս 2014-իերեկոյեան տեղի ունեցած էր ՀԵՀՈՄ-ի Անդամական ԸնդհանուրԺողովը, որուն ընթաքին զեկոյց տրուած էր միութեան գործունէութեան մասին եւ լայն քննարկումներ կատարուած յառաջիկայ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու…