Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գտնուի Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած միջազգային համագումարին:
Համագումարի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը երկու առիթներով պաշտօնական խօսք պիտի արտասանէ. առաջինը՝ քրիստոնէական միութեան եւ երկրորդը՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ապագային մասին: Նորին Սրբութիւնը նաեւ պիտի մասնակցի Ամերիկայի ծերակուտականներուն ու քոնկրէսի անդամներուն հետ տեղի ունենալիք հանդիպումներուն:
Սոյն համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Մարոնի Պատրիարք Կարտինալ Րաի, Անտիոքի Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարք Եուհաննա Ժ. Եազիճի, ՅոյնԿաթոլիկՊատրիարքԿրեկուարԼահհամ, Ասորի Ուղղափառ Պատրիարք Իգնատիոս Աֆրամ Բ., Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարք Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան, ինչպէս նաեւ՝ պետական, քաղաքական ու կրօնական բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ Վատիկանը ներկայացնող կարտինալներ:
Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան՝ Առաջնորդ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի, Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան՝ Առաջնորդ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւեմտեան Թեմի եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: