15 August, 2014

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ինչո՞ւ համար Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով խաղողօրհնէք կը կատարուի: Կամ հարցումը կարելի է դնել ուրիշ ձեւով մը.- Ի՞նչ առնչութիւն կայ Վերափոխման տօնին եւ խաղող­օրհնէքին միջեւ:

 

Խաղողօրհնէքը որեւէ առնչութիւն չունի Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի հետ: Արդ, եթէ անոնք առնչութիւն չունին իրարու հետ, մենք ինչո՞ւ զանոնք կը կատարենք միասնաբար: Այս հարցումին պատասխանը յստակ կը դառնայ եթէ երբեք նկատի առնենք հետեւեալ երկու կէտերը.-

 

ա) Համաձայն Աստուածաշունչին եւ համաձայն մեր հայրերու աւանդութեան, արտի առաջին բերքը` երախայրիքը, պէտք էր ընծայուէր Աստուծոյ: Այս ընծայումը անցեալին տեղի կ’ունենար Օգոստոս ամսուն, որովհետեւ այս ամսուն էր որ սովորաբար պտուղներուն մեծ բաժինը կը հասուննար, ինչպէս է պարագան այսօր:

 

բ) Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, մենք Օգոստոս 15-ի մերձաւոր Կիրակիին կը տօնենք Աստուածածնայ վերափոխումը:

 

Արդ, քանի արտերու առաջին բերքի նուիրումը Օգոստոս ամսուն էր որ տեղի կ’ունենար, եւ քանի Աստուածածնայ վերափոխումը եւս Օգոստոս ամսուն էր որ կը կատարուէր, ժամանակի ընթացքին եկեղեցին յարմար տեսաւ որ այս երկու դէպքերը միասնաբար կատարուէին, մէկս միւսը աւելի ուշագրաւ եւ իմաստալից դարձնելու նպատակով:

 

Եկեղեցին շատ շիտակ ըրաւ զանոնք միասնաբար կատարելու որոշումը առնելով, այլապէս, այսօր մեր ժողովուրդը իր պտուղէն, իր բերքէն, իր ունեցածէն որոշ բան մը Աստուծոյ նուիրելու սովորութիւնը ամբողջութեամբ մոռցած պիտի ըլլար:

 

Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը առիթ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, մտածելու տալու առաքինութեան մասին, նուիրելու կարեւորութեան մասին, մեր անձին նեղ պարունակէն դուրս գալու եւ դէպի աղքատը բացուելու անհրաժեշտութեան մասին:

 

Խաղողի նուիրումը կամ ոչխարի ընծայումը, անցեալէն մեզի եկած մեր հայրերուն ու մայրերուն հաւատքի արտացոլացումն է, մնացորդն է այն հաւատքին` որ տա´լ գիտէր, նուիրե´լ գիտէր, ընծայե´լ գիտէր, առաջինը Աստուծոյ յատկացնե´լ գիտէր:

Կը մնայ պատասխանել հետեւեալ հարցումին.- Ինչո՞ւ համար պտուղներուն մէջէն ընտրուեցաւ խաղողը: Հաւանաբար, անոր համար որ Քրիստոս ինքզինք նմանցուց որթատունկի (Յովհաննէս 15.1), եւ գինին` որ կը պատրաստուի խաղողի հիւթէն, կոչեց իր արիւնը (Ղուկաս 22.17): Եթէ երբեք նկատի առնենք նաեւ, որ սուրբ Պատարագի խորհրդակատարութեան գինին եւս կը պատրաստուի խաղողի հիւթէն, պարզ կը դառնայ թէ ինչու եկեղեցիին ընտրութիւնը խաղողին գնաց, կամ թէ ինչու նախապատուութիւնը խաղողին տուաւ:

More News