Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Օգոստոս 2014-ի առաւօտուն, Մարոնի Պատրիարքարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Ներկայ էին բոլոր եկեղեցիներու պատրիարքները, ընկերակցութեամբ թեմակալ առաջնորդներու: Սոյն հանդիպումին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընկերացան, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:               Ժողովին սկիզբը խօսք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԱՆԿԼԻԳԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Արեւելեան Ուղղափառ եւ Անկլիգան եկեղեցիներուԱստուածաբանական Երկխօսութեան Յանձնաժողովի Դիւանը: Հանդիպումին ներկայ էին յիշեալ յանձնաժողովի համա-ատենապետները՝ Ճէֆրի Րօվէլ Եպիսկոպոսըեւ Պիշոյ Արքեպիսկոպոսը, համաքարտուղարները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանըեւ Կանոնիկոս Ալիսոն Պարնէթ-Գովընը, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:…