Սուրբ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տօները այն խնամակալներն են, որոնք հաւատացեալները զգաստ կը պահեն չնահանջելու իրենց հոգիի փրկութեան պատերազմին մէջ. աստուածային հիմք, սուրբ գրային ակունք եւ հոգեւոր նկարագիր ունեցող սուրբ եկեղեցւոյ տօները խորհրդածութեան առիթ կ’ընծայեն հաւատացեալներուն եւ իրենց աստուածասքանչ խորհուրդներով, փրկութեան առաւե՛լ յոյս կը շնորհեն տօնախմբող հասարակութեան։ Եկեղեցական տօները, հաւատացեալին աշխատանքէ զերծ պահելու նպատակ չեն հետապնդեր, այլ՝ ընդհակառակը առօրեայ զբաղումներէ եւ աշխատանքներէ հանգիստ շնորհելով մեզ պարտաւորութեան առջեւ կը դնեն ամբողջութեամբ նուիրուելու Աստուծոյ փառաբանութեան եւ եկեղեցական արարողութեան։
Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, կարեւոր տօները կը կոչուին տաղաւար, որոնք թիւով հինգ են. այս տաղաւար տօներէն մէկը Քրիստոսի այլակերպութեան հրաշափառ տօնն է, զորս վաղը պիտի յիշատակենք։
Այլակերպութեան տօնը, Քրիստոսի աստուածութեան յայտնութեան յիշատակն է: Այլակերպութիւն կը նշանակէ կերպարանափոխութիւն կամ ձեւափոխութիւն: Քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները տօնը այլակերպութիւն կը կոչեն. իսկ հայ եկեղեցին՝ նաեւ պայծառակերպութիւն անունը կը գործածէ, Քրիստոսի մէջ ճառագայթող աստուածային փայլքն ու փառքը շեշտելու համար: Այլակերպութեան դէպքի ընթացքին Քրիստոս իբր Մեսիա եւ փրկիչ յայտնուեցաւ, մարգարէներէն գերագոյն, Սուրբ Հոգիին պայծառ լոյսին եւ Հօր Աստուծոյ վկայութեամբ։ Տօնին դէպքին մասին կը կարդանք, թէ Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին։ Հոն այլակերպուեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան եւ ամպ մը ծածկեց զիրենք որուն մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ’ըսէր. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք» (Մտ 17.1-13)։
Տօնական օրերու հանդիսութիւններուն մէջ, եկեղեցական արարողութիւններէն անկախ, գոյութիւն ունին սերունդէ սերունդ փոխանցուած ժողովրդական եւ նոյնիսկ հեթանոսական շրջաններէն մնացած սովորութիւններ։ Դժբախտաբար, հեթանոսական շրջանէն մնացած ազգային աւանդութիւններուն մասին միայն կցկտուր բաներ հասած են մեզի. այսպէս՝ այլակերպութեան տօնը նաեւ ծանօթ է վարդավառ անունով։ Ստոյգ է, թէ Վարդավառը հայ հեթանոսական շրջանէն մնացած տօնական անուն մըն է. բայց թէ ո՞ր աստուածութեան նուիրուած տօն մըն էր, այդ մասին հաստատ տեղեկութիւններ չունինք։ Վարդավառ անունին շուրջ կը հանդիպինք երկու տարբեր մեկնաբանութիւններու եւ կարծիքներու.
Ա.- Ոմանք Վարդավառ բառին ետին, վարդերով զարդարել նշանակութիւնը կը տեսնեն, եւ տօնը կը նուիրեն սիրոյ չաստուածուհի՝ Աստղիկին։ Այս բացատրութեան ջատաքովներէն Հայր Ղեւոնդ Ալիշան կը գրէ, թէ հայերը իրենց Աստղիկ չաստուածուհիին մեծամեծ հանդէսներ կը կատարէին Օգոստոս ամսուան սկիզբը, երբ հայոց բարձր լեռներուն վրայ գարնանային զովութիւն կը գտնուէր. եւ շարունակելու համար կ’աւելցնէ թէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սոյն մեծապայծառ հեթանոսական տօնը փոխարինեց Քրիստոսի ամենապայծառ երեւման հետ, որ կատարուեցաւ Թափօր լերան վրայ։
Բ.- Ուրիշներ Վարդավառ բառը ստուգաբանելով, ջուր սրսկելու բացատրութիւնը կու տան, տօնին ջուրի պաշտամունք տալով եւ տօնը կը նուիրեն անահիտ չաստուածուհիին՝ հայ դիցաբանութեան մէջ ամենէն աւելի յարգուած եւ սիրուած դիցուհիին։
Անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ հին հեթանոսական շրջաններէն մնացած այս սովորութիւնները, իրենց հին իմաստներէն դատարկուած են եւ վերածուած՝ ժողովրդային անմեղ սովորութիւններու, որոնք չեն խաթարեր եկեղեցւոյ կեանքն ու տօներուն խորհուրդը. սովորութիւններ են, որոնք խանդավառութիւնը կը ստեղծեն։ Վերջապէս սիրելի ընթերցող, Քրիստոս որ պէտք չունէր աղօթելու, իր երկրաւոր կեանքը աղօթքով կ’անցնէր. եւ այս անգամ Թափօր լերան վրայ աղօթքի պահուն այլակերպուեցաւ։ Այլակերպութեան տօնը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի աղօթքի հրաւէր մըն է, աղօթքի միջոցաւ հոգւով այլակերպուելու, պայծառակերպուելու եւ Քրիստոսի նմանելու հաւատքով. աղօթեցէ՛ք եւ քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Քրիստոս յաղթեց աշխարհին (Յհ 16.33)։
Գարեգին Աբղ. Շխրտմեան