ՏՕՆ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ (ՎԱՐԴԱՎԱՌ)
Սուրբ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տօները այն խնամակալներն են, որոնք հաւատացեալները զգաստ կը պահեն չնահանջելու իրենց հոգիի փրկութեան պատերազմին մէջ. աստուածային հիմք, սուրբ գրային ակունք եւ հոգեւոր նկարագիր ունեցող սուրբ եկեղեցւոյ տօները խորհրդածութեան առիթ կ’ընծայեն հաւատացեալներուն եւ իրենց աստուածասքանչ խորհուրդներով, փրկութեան առաւե՛լ յոյս կը շնորհեն տօնախմբող հասարակութեան։ Եկեղեցական տօները, հաւատացեալին աշխատանքէ զերծ պահելու նպատակ չեն հետապնդեր,…