Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Յունաստան, ընդառաջելով Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին:
Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը պիտի տեւէ 10 օր: Ան պիտի այցելէ թեմի եկեղեցիները, հանդիպումներ ունենայ պատկան մարմիններուն հետ, նախագահէ ազգային-եկեղեցական տօնակատարութեանց եւ իր պատգամը ուղղէ ժողովուրդին: Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Տիեզերական Պատրիարքին, Յունաստանի Եկեղեցւոյ պետին եւ այլ եկեղեցական պատասխանատուներու հետ:
Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, հանդիպումներ նախատեսուած են պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Նորին Սրբութիւնը նաեւ դասախօսութիւն մը պիտի տայ Աթէնքի համալսարանին մէջ:
Սոյն այցելութեան Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանան Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Սմբատ Աբղ. Սապունճեան՝ գաւազանակիր: