18 September, 2014

ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

 

            Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքը, յառաջիկայ շաբաթ մեծ խանդավառութեամբ իր դռները կը բանայ։ Գլխաւորաբար Լիբանանէն ու Սուրիայէն ընտրուած ժառանգաւորներ, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանէն, Յունաստանէն եւ Մալէզիայէն նախկին թէ նորեկ աշակերտներ, կը ժամանեն Դպրեվանք՝ հայ դպրութեան անկորնչելի դարբնոցը, լիցքաւորուելու համար հոգեւոր արժէքներով եւ իրենց միտքը ծաղկազարդելու՝ գիտութեամբ եւ ուսմամբ։ Ս. Աստուածածին վանքին մէջ գործող Դպրեվանքին մայրական խնամքն ու օրհնութիւնը վայելած իւրաքանչիւր դպրեվանեցիի համար, 85-ամեայ հրաշագործ այս տաճարը, հարազատ տուն եւ հոգիի վերածննդեան ճառագայթող օրրան է։ «Վսեմ ձուլարան»ին 85-րդ տարեդարձը, հաւատքի վերանորոգութեան եւ աշխատանքի գօտեպնդման առիթ կը հանդիսանայ, անոր առաքելութեան հաւատացող իւրաքանչիւր հայորդիի համար։ 

 

Դպրեվանքի 85-ամեակի ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի հրաւէրով, Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան ելոյթներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 85-ամեակին ընդառաջ, իր տուած քարոզներով, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած զանազան հաւաքներու ընթացքին իր արտասանած խօսքերուն ճամբով, Տեսուչ Հայր Սուրբը խօսեցաւ Դպրեվանքի հայակերտումի եւ հոգեկերտումի առաքելութեան մասին:

 

Ան վեր առնելով սոյն հոգեւոր կրթական հաստատութեան աւելի քան ութ տասնամեակներու ընթացքին ծաւալած գործունէութիւնը սփիւռքահայ կեանքէն ներս, շեշտեց մեր ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները բաւարարելու ատակ մարդոյժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Անթիլիասի Դպրեվանքի հիմնադիրներու հեռատես այն քաղաքականութեան, որու շնորհիւ կարելի եղաւ մեր ժողովուրդի ամայացած հոգեւոր անդաստանը դարձեալ վերածաղկեցնել Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք բացուած ժամանակահատուածին մէջ, նուիրեալ մշակներ պատրաստելով եւ նուիրաբերելով զանոնք սփիւռ֊քացած հայութեան պահպանութեան այնքան կարեւոր զանազան աշխատանքներուն, աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ:

Նշենք, թէ Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան Թեհրանի մէջ իր կեցութեան օրերուն հանդիպում ունեցաւ թեհրանահայ ամէնօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսու֊ցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ, եւ իր հաւաքական զրոյցներուն ճամբով հրաւիրեց զանոնք, որպէսզի ուսումնապէս փայլուն աշակերտները քաջալերեն արձանագրուելու Դպրեվանք, ուր հայեցի ու հոգեւոր դաստիարակութիւն ստանալէ ետք, անոնք դարձեալ պիտի վերադառնան ազգին, ծառայական բարձր կոչումով ու գիտակից յանձնառութեամբ։

 

            Յայտնենք, թէ Դպրեվանքին տեսչութեան մաս կը կազմեն՝ Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան (տեսուչ), Շնորհք Աբղ. Աշըգեան (հսկիչ) եւ Գարեգին Աբղ. Շխրտմեան (հսկիչ)։

More News