30 June, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԵԽ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Կիրակի 29 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Միշել Ժալխը։

 

Առաջին հերթին ան, Վեհափառ Հայրապետին, որպէս Խորհուրդի նախագահներէն մէկը, մանրամասն զեկոյց տուաւ Ամմանի մէջ տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական հանդիպման մասին, ուր կարեւոր որոշումներ առնուած էին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ծրագրային առաջնահերթութիւններու ու վարչական դրութեան առընչուած։ Ան նաեւ զեկուցեց Վեհափառին խորհուրդի ընդհանուր գործունէութեան մասին։

 

Իր կարգին Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ թելադրութիւնները կատարեց Ընդհանուր Քարտուղարին.- ա) Կարելի փութով կազմակերպել Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովը, նկատի ունենալով շրջանէն ներս տիրող անբնական կացութիւնը։ բ) Առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ քրիստոնեայ գաղթականներուն կատարուող օգնութեան, զայն ներդաշնակելով իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կողմէ կատարուող մարդասիրական օժանդակութեան։ գ) Կազմակերպել Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու հանդիպում մը։

 

Յայտնենք, որ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին մաս կը կազմեն շրջանի բոլոր եկեղեցիները։ Խորհուրդը կազմուած է եկեղեցական չորս ընտանիքներու հիման վրայ.- Արեւելեան ոչ-Քաղկեդոնական եկեեցիներ, Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներ, Կաթոլիկ եկեղեցիներ եւ Բողոքական եկեղեցիներ։ Յիշեալ կառոյցը Միջին Արեւելքէն ներս միակ միջ-եկեղեցական կառոյցն է։