ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԵՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՐԿԱՄԵԱՅ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ»Ի ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Կիրակի, 6 Յուլիս 2014-ին, յաւարտ Ս. և Անմահ Պատարագի, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» միջ-դպրոցական մրցանքներու եւ «Արեւմտահայերէնի եւ Հայ Մշակոյթի Երկամեայ Խտացեալ Դասընթացք»ի վկայականներու բաշխման Միացեալ հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ, Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, դատակազմերու անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, ծնողներու և մեծ թիւով աշակերտ-աշակերտուհիներու։

 

Հանդիսութեան բացումը կատարելով՝ Կաթողիկոսարանի Կրթական և Հայագիտական Բաժանմունքի վարիչ՝ Սարգիս Կիրակոսեան առաջին հերթին ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ աւանդութեան կարգանցած սոյն մրցանքներուն այս տարի ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ գրեթէ բոլոր վարժարանները՝ անգամ մը եւս փաստելով, որ այս նախաձեռնութիւնը բացառիկ նշանակութիւն ունի եւ յատուկ տեղ կը գրաւէ լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ։ Ապա, կէտ առ կէտ մրցանքին արժեւորումը կատարելէ ետք, կեդրոնացաւ «Արեւմտահայերէնի եւ Հայ Մշակոյթի Երկամեայ Խտացեալ Դասընթացք»ին վրայ՝ իբրեւ անփոխարինելի և խիստ օգտակար նախաձեռնութիւն։ Դասընթացքին մասնակից աշակերտ-աշակերտուհիներուն անունով իր սրտի խօսքը արտասանեց Սիլվա Պեքարեան-Գարաօղլանեան, որ մեծասքանչին հանդէպ իրերայաջորդ սերունդներու հաւատարմութիւնը շեշտելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ նման խիստ օգտաշատ ծրագիր մը նախաձեռնելուն եւ հովանաւորելուն համար։

 

Մրցանքներու և վկայականներու բաշխումէն ետք, իր եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Արամ Ա.Կաթողիկոս, որ լիբանանահայ վարժարաններու կրթական պատասխանատուներուն, տնօրէններուն,ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն անխոնջ նուիրումն ու ծառայութիւնը բարձր գնահատելէ ետք, եզրափակեց.«Գօտեպնդիչ եւ հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթ մըն է այս գեղեցիկ երեւոյթը: Երեւոյթ մը որ նաեւ իր մէջ պատգամ մը ունի փոխանցելիք ներկաներուն եւ  մանաւանդ բացականերուն. Անոնք որոնք կը հաւատան թէ հայ դպրոցը նահանջի մէջ է, այս երեւոյթին դիմաց վստահաբար պիտի հաւատան որ հայ դպրոցը վերելքի մէջ է. անոնք որոնք կը հաւատան թէ մեր լեզուն՝ արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է, այս երեւոյթին դիմաց պիտի գան ըսելու որ մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս մեր երիտասարդ ու երիտասարդուհիները այս նահանջին դիմաց պիտի չընկրկին, այլ մեր լեզուն պիտի պաշտպանեն, մեր լեզուն պիտի մաքրեն օտար ազդեցութիւններէ եւ արեւմտահայերէնը, անոր ճշգրիտ գործածութիւնը պիտի տարածեն մեր ընտանիքներէն մեր դպրոցներէն ու մեր կեանքէն ներս. Ահա պատգամը այս գեղեցիկ երեւոյթին»: