Յունիս ամսուան մէջ Անթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ձայնագրեալ շարականներէն Զ. Հատորը, որ կը բովանդակէ այն կանոնները, որոնք կը յաջորդեն Սուրբ Յարութեան Տօնին: Յարմար նկատուեցան հետեւեալ կանոնները (Նոր Կիրակիին, Աշխարհամատրան Կիրակիին, Քրիստոսի Համբարձման, Երկրորդ ծաղկազարդին, Հոգեգալստեան եօթը օրերուն, Սուրբ Տապանակին եւ Վարդավառեան եօթը օրերուն):
Շարականներու եւրոպական ձայնագրութեամբ ընծայումը կը շարունակուի պահուիլ նոյն մօտեցմամբ, որ ունեցած էին նախորդ հատորներու հրատարակութիւնները եւս: Այսինքն պահելով աւանդական եղանակները, որոնք բաղդատուած են Եղիա Մ. Տնտեսեանի եւ Նիկողայոս Թաշճեանի կազմած հատորներուն, որոնց մէջ կատարուած են որոշ փոփոխութիւններ, հիմնուելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս կատարուած երգեցողութեան վրայ:
Ձայնագրեալ շարականներու այս հետեւողական ճիգը պիտի շարունակուի իր բազմահատոր հրատարակութիւնները ի գործ դնել անմիջական հսկողութեամբ, Կիլիկիոյ Արժանընտիր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետին հետեւողական հովանաւորութեամբ: