19 Օգոստոսի, 2014

«ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՊՈՒԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՀԱԿԱՌԱԿ ԶԻՆՔ ՇՐՋԱՊԱՏՈՂ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

           Երկուշաբթի, 18 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Շուէտի եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն: Այս առաջադրութեամբ պատուիրակութիւնը յաջորդաբար պիտի այցելէ Սուրիա եւ Իրաք:

 

           Շուէտի եկեղեցիներու մտահոգութեան եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նկատմամբ կատարուած զօրակցութեան աշխատանքներուն մասին, պատուիրակութեան զեկուցումը լսելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը նախ ընդհանուր գիծերով պարզեց շրջանէն ներս տիրող կացութիւնը, ապա՝ ծանրացաւ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մտահոգութիւններուն վրայ:

 

           Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ իսլամ ծայրահեղականաութիւնը առաջին հերթին վտանգ է իսլամութեան եւ ապա՝ ամբողջ աշխարհին, հետեւաբար անհրաժեշտ է միացեալ ուժերով դիմագրաւել զայն: Այս ծիրէն ներս Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, որ կարճաշունչ բնոյթ ունեցող զինուորական ու մարդասիրական քայլերուն պէտք է հետեւի քաղաքական երկարաշունչ գործընթացք, մասնակցութեամբ շրջանի իսլամ, ինչպէս նաեւ՝ արեւմտեան երկիրներուն: Սոյն երկարաշունչ քաղաքական ծրագիրին մաս պէտք է կազմէ ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ կառոյցներու հաստատումը՝ հիմնուած մարդկային իրաւունքներու, կրօնական ազատութեան, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ զանազանութեան պահպանման վրայ: Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Միջին Արեւելքին մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան կարեւորութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան ու գործակցութեան հրամայականը:

More News