Հարցումներ աղօթքի մասին

3) Ի՞նչ պատճառներով մեր աղօթքները յաճախ կը մնան անպատասխան:   1) Կարեւոր պատճառներէն մին թէ ինչո´ւ մեր աղօթքները երբեմն կը մնան անպատասխան, այն է` որ չենք ակնկալեր ու չենք սպասեր անոնց պատասխանուիլը: Այն մարդը որ կ’աղօթէ բայց Աստուծմէ պատասխան չ’ակնկալեր, կը նմանի այն փոքրիկին, որ տունի մը դուռին զանգակը կը զարնէ, բայց առանց սպասելու որ…