Հարցումներ աղօթքի մասին

5) Օրական քանի՞ վայրկեան պէտք է աղօթել:

 

Մտածումներս ամփոփեմ քանի մը կէտերու մէջ.-

ա) Սկսնակ աղօթողի մը համար մենք կրնանք ժամ ու վայրկեան ճշդել, բայց մէկը որ հոգեւորապէս աճած է, իրեն համար ժամ ու վայրկեան ճշդելը սխալ է: Ինչո՞ւ համար: Նորեկ աղօթող անձ մը, եթէ չորոշէ աղօթքի յատուկ ժամ մը կամ պահ մը եւ չյարգէ զանիկա, շուտով կը հրաժարի աղօթքէն, բայց հոգեւորապէս աճած անձ մը չի կրնար յատուկ ժամ դնել, որովհետեւ ան ոեւէ վայրկեանին կրնայ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին կողմէ ներշնչուիլ ու առաջնորդուիլ աղօթքի:

բ) Բացատրեցինք որ սկսնակ աղօթող մը պէտք է իրեն համար աղօթքի յատուկ ժամ մը կամ պահ մը ճշդէ եւ յարատեւօրէն յարգէ այդ պահը, որպէսզի Սուրբ Հոգին աստիճանական կերպով գործէ ու ներգործէ անոր մէջ եւ սիրով լեցնէ զայն Աստուծոյ հանդէպ: Աղօթքի պահը` Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւն պէտք է ըլլայ: Ընդունինք որ աղօթքի քանի մը վայրկեաններ ճշդելը կամ յատկացնելը` Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւն չէ: Ահա թէ ինչո´ւ, հաստատեցի որ նորեկ աղօթող անձը պէտք է յարգէ իր աղօթքի վայրկեանները, որպէսզի Սուրբ Հոգին գործէ իր ներսիդին եւ աստիճանական կերպով զայն ջերմ ու անկեղծ սիրով լեցնէ Աստուծոյ հանդէպ եւ զայն ձերբազատէ աղօթքի յատուկ վայրկեաններ ունենալու եւ անոնց կապուած մնալու «ստրկութենէն»: Եթէ անձ մը տարիներով աղօթող մէկն է եւ տակաւին կը շարունակէ նորեկ աղօթողի մը նման յատուկ եւ ճշդուած վայրկեաններու ընթացքին միայն աղօթել, կը նշանակէ թէ տակաւին խակ է իր հոգեւոր կեանքին մէջ, եւ Աստուծոյ ու իր միջեւ սիրալիր յարաբերութիւն եւ անկեղծ հաղորդակցութիւն չկայ: Աղօթքի պահը` սիրոյ պահ մը պէտք է ըլլայ: Ինչպէս երբ մէկը իր սիրած անձին հետ ժամանակ անցնէ, երբեք վայրկեաններու մասին չի մտածեր, այլ խօսքով` վայրկեաններ չի ճշդեր, ընդհակառակը, կը փորձէ անոր հետ որքան կարելի է երկար ժամանակ անցնել, նոյնպէս ալ, եթէ մէկը կը սիրէ զԱստուած` երկար ժամանակ կ’անցնէ անոր հետ, եւ կը մերժէ քանի մը վայրկեաններու ճշդումը:

գ) Շատ կարեւոր է որ աղօթող մը հարց տայ ինքն իրեն. «Ի՞նչ է փնտռածս: Ինչպիսի՞ քրիստոնեայ մը կ’ուզեմ ըլլալ»: Եթէ հաւատքի զօրավար մը ըլլալ կ’ուզենք, եթէ Աստուծոյ արքայութեան մէջ արեգակի նման ճառագայթել կ’ուզենք, եւ եթէ սրբութեան կեանք ապրիլ կ’ուզենք, քանի մը վայրկեան աղօթելը բաւարար չէ:

Տակաւին,  եթէ մեղքին ու Սատանային դէմ յաղթող ըլլալ կ’ուզենք, օրը 10 վայրկեան աղօթելը բաւարար չէ, ո´չ ալ օրը կէս ժամ աղօթելը: Հայրեր կ’ուսուցանեն, թէ որքան երկար ժամանակ անցնենք աղօթքով` այնքան շուտով ու դիւրութեամբ պարտութեան կը մատնենք Սատանան: Երբ աղօթքով աներեւոյթ Աստուծոյ ներկայութեան կը կանգնինք, աներեւոյթ Չարը չի կրնար մեր ներկայութեան կանգնիլ:

Եւ դեռ, եթէ մեր փնտռածը Աստուածճանաչողութիւնն է` քանի մը վայրկեան կամ նոյնիսկ մէկ ժամ աղօթելը բաւարար չէ: Մենք ի՞նչպէս կրնանք անձ մը լաւ ճանչնալ: Անձ մը կրնանք լաւ ճանչնալ, եթէ ժամանակ անցնենք անոր հետ, եթէ անկեղծ երկխօսութիւն ունենանք անոր հետ, եթէ մտերմանանք անոր: Ահա ճիշդ նոյն ձեւով ալ, որքան երկար ժամանակ անցնենք աղօթքով Աստուծոյ հետ` այնքան աւելի լաւ կրնանք ճանչնալ զայն, ճանչնալ իր կամքը եւ իր գործելակերպը: Որքան մտերմանանք Աստուծոյ հետ աղօթքով` այնքան աւելի խորունկ կ’ըլլայ մեր ճանաչողութիւնը Աստուծոյ: Եւ որքան խորունկ կերպով ճանչնանք զԱստուած` այնքան աւելի զայն կը սիրենք, կը կապուինք ու կը վստահինք անոր: Անկարելի է որ մարդ արարածը կարենայ սիրել զԱստուած ու վստահիլ  անոր` եթէ երբեք զայն չի ճանչնար: Եւ անկարելի է որ զայն ճանչնայ` եթէ երբեք աղօթքով առատ ժամանակ չանցընէ անոր հետ:

 

6) Հիմնուելով նախորդ հարցումին տրուած պատասխանին վրայ, կրնա՞նք ըսել, ուրեմն, թէ երկար աղօթելով կը սրբուինք, կը սրբանանք, հաւատքի զօրավար կը դառնանք եւ ընդդէմ Չարին յաղթող կը դառնանք:

 

Ես խօսեցայ երկար ժամանակ կամ բաւական ժամանակ աղօթքի տրամադրելու մասին, բայց եթէ մեր մատուցած աղօթքին մէջ հաւատքի կրա´կ չկայ, Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնն ու առաջնորդութիւնը չկայ, սէր ու սիրտ չկայ` բանով մը չենք օգտուիր: Շատ կամ երկար աղօթելով չէ որ կ’աճինք ու կը սրբուինք, այլ՝ սրտանց աղօթելով:Աղօթքի պահուն աւելի մեր սիրտը պէտք է խօսի քան մեր բե­րանը, եւ որպէսզի ատիկա ըլլայ, աղօթքի պահուն բառեր չփնտռենք, այլ աղօթքի հոգի´ խնդրենք Սուրբ Հոգիէն: Աղօթքով Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կենալն է որ մեզ յաղթող կը դարձնէ Չարին դէմ, եւ ո´չ թէ լոկ աղօթքի մէջ ըլլալը: Շատ է թիւը աղօթքի այն պահերուն ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը չկայ:

 

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան