Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՄԱՏՐԱՆ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄԸ

Երեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մուհամմատ Ֆաթըհ Ալիի:   Ծանօթացման այս առաջին հանդիպումի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեկութիւն տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին, թէ՛ շրջանէն ներս եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ: Ուշադրութեան յատուկ առարկայ դարձաւ Իրանի…