ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ               Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքը, յառաջիկայ շաբաթ մեծ խանդավառութեամբ իր դռները կը բանայ։ Գլխաւորաբար Լիբանանէն ու Սուրիայէն ընտրուած ժառանգաւորներ, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանէն, Յունաստանէն եւ Մալէզիայէն նախկին թէ նորեկ աշակերտներ, կը ժամանեն Դպրեվանք՝ հայ դպրութեան անկորնչելի դարբնոցը, լիցքաւորուելու համար հոգեւոր արժէքներով եւ իրենց միտքը…