Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Կիրակի, 15 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ Րայի Պատրիարքին փոխանորդ Փոլ Սայահ Արքեպիսկոպոսը‎:

Պատրիարքական փոխանորդը Անթիլիասի Մայրավանքը եկած էր Րայի Պատրիարքին անունով բարի գալուստ մաղթելու Վեահափառ Հայրապետին Վատիկանէն վերադարձին առիթով: Ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւն ունենալով ընդհանրապէս Լիբանանի ներքին կացութեան ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան մասին:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերատեսութեան ու արժեւորումի ենթարկելու Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութիւնը ու յատկապէս իր ունեցած խորհրդակցութիւնները Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան առընչուած՝ սրբազան քահանաեապետին, Վատիկանի պետական քարտուղարին ու այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ: Նախագահական ընտրութեան գծով եղաւ տեսակէտներու փոխանակում և որոշուեցաւ խորհրդակցութիւնը շարունակել Պքիրքէի և Անթիլիասի միջեւ: